2014-08-22 09:33:11

2015-ի խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օրուայ պատգամը` Ոչ ստրուկներ այլ եղբայրներ


Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի հաղորդագրութիւնը։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 2015-ի խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օրուան պատգամին որպէս նիւթ ընտրեց. ''Այլեւս մենք ստրուկ չենք, այլ եղբայրներ ենք''։
Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը մեկնաբանելով յառաջիկայ մէկ Յունուար 2015­ի խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նիւթը կը գրէ. ''Մարդիկ յաճախ կը կարծեն որ ստրկութիւնը անցեալի հարց մըն է, դժբախտաբար ընկերային այս խոցը զգալիօրէն ներկայ է ժամանակակից աշխարհին մէջ''։ 2014-ի խաղաղութեան պատգամը ունէր որպէս նիւթ եղբայրակցութիւնը։ ''Եղբայրակցութիւնը որպէս հիմը խաղաղութեան'', Աստուծոյ որդիները ըլլալը մարդկային էակները կը դարձնէ իրարու եղբայրներ ու քոյրեր, արժանաւորութեամբ հաւասար։ Մինչ ստրկութիւնը մահացու կը դարձնէ տիեզերական եղբայրութիւնը ու հետեւաբար խաղաղութիւնը։ Խաղաղութիւն կայ երբ ամէն մարդկային էակ կ'ընդունի որ ամէնքս եղբայրներ ենք եւ հետեւաբար արժանաւորութեամբ հաւասար ենք։
Աշխարհի մէջ ստրկութիւնը տարբեր գարշելի երեւոյթներ ունի, ինչպէս. մարդկային էակներու վաճառքը, գաղթականներու շահագործումը, մարդավաճառութիւնը, ստրկական մտայնութիւնը հանդէպ կիներուն եւ երախաներուն։ Այդ ստրկութենէն անամօթափար կարգ մը մարդիկ կ'օգտուին երբ կը տիրէ տնտեսական տագնապը, ապականութիւնը եւ զինեալ ընդհարումը։
Ստրկութիւնը ահաւոր խոց մըն է ժամանակակից ընկերութեան մարմնին մէջ, լուրջ խոց մը Քրիստոսի մարմնին մէջ։ Անոր հակազդելու համար հարկաւոր է ճանչնալ ամէն անհատի արժանաւորութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ հաստատակամ ընդգծել եղբայրութեան ըմբռնումը։
2015-ի նիւթը ունի որպէս կէտնպատակ կերտումը քաղաքակրթութեան, որ ունենայ որպէս հիմ` բոլոր մարդկային էակներու արժանաւորութեան հաւասարութեան գիտակցութիւնը, առանց որեւէ խտրականութեան։ Այդ նպատակին հասնելու համար հարկաւոր է յանձնառումը տեղեկատուութեան, դաստիարակրթութեան եւ մշակոյթին։ Կը գրէ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը իր հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք որ ''խաղաղութեան համաշխարհային օրը'' հաստատուած է Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով եւ ամէն տարի մէկ Յունուարին կը վերակոչուի։ Սրբազան Քահանայապետին սոյն պատգամը կ'ուղարկուի աշխարհի բոլոր երկիրնեու պետութիւններուն եւ Ս. Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցիչները այդ նիւթէն ներշնչուելով յառաջ կը տանին իրենց քաղաքականութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.